Երուսաղեմի հայոց պատրիարք Տ. Նուրհան արքեպիսկոպոս Մանուկյանն իր զորակցությունն է հայտնել Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնին և Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին։
«Խոր ցաւով եւ մտահոգութեամբ կը հետեւինք վերջին ամիսներուն Հայց. Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ թեմակալ առաջնորդներու, բարձրաստիճան հոգեւորականներու եւ մասնաւորապէս Հովհաննավանքի շուրջ ծաւալուող խիստ անհանգստացուցիչ եւ ցաւալի դէպքերուն: Կարգալոյծ հոգեւորականի կողմէ՝ պետական իշխանութեան բացայայտ հովանաւորութեամբ իրականացուող գործողութիւնները ոչ միայն անօրինական են եւ հակառակ եկեղեցական կանոնադրութեան, այլեւ կը խաթարեն Հայց. Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ վարկն ու հեղինակութիւնը, կը վիրաւորեն Հայ ժողովուրդի հոգեւոր զգացումները եւ կը վտանգեն մեր դարաւոր ինքնութիւնն ու հաւատքը:
Այս դժուարին ժամանակներուն, երբ մեր ժողովուրդը կը դիմագրաւէ ներքին եւ արտաքին փորձութիւններ, Հայց. Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին կը մնայ մեր հոգեւոր յենարանը եւ բարոյական առագաստը, որ կը միացնէ մեր ժողովուրդը հաւատքի եւ յոյսի շուրջ: Հետեւաբար, Եկեղեցւոյ դէմ ուղղուած իւրաքանչիւր ոտնձգութիւն, ոտնձգութիւն է մեր պատմական յիշողութեան եւ հոգեւոր արժէքներուն դէմ: Անթոյլատրելի է պետական այրերու միջամտութիւնը Եկեղեցւոյ ներքին կեանքին, առաւել եւս՝ կարգալոյծ անձերու սատարումը՝ Հովհանավանքը զաւթելու եւ անվաւեր «պատարագներ» մատուցելով օրինական ծէսերը խաթարել փորձելու ընթացքին:
Յանուն Սրբոց Յակոբեանց Զինուորեալ Միաբանութեան խստօրէն կը դատապարտենք այս անօրինական եւ անպատուաբեր քայլերը եւ կոչ կ’ընենք պետական իշխանութեան՝ դադրեցնել Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ ներքին գործերուն միջամտելու բոլոր դրսեւորումները, վերականգնել արդարութիւնը եւ օրինականութիւնը, եւ ապահովել Եկեղեցւոյ օծեալ սպասաւորներու անվտանգ եւ խաղաղ գործունէութիւնը:
Մեր անկեղծ զօրակցութիւնը կը յայտնենք Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Երկրորդ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին եւ հոգեւորականաց դասուն, որոնք անձնուէր կերպով եւ անսասան հաւատքով կը շարունակեն իրենց հովուական եւ հովուապետական առաքելութիւնը՝ չընկրկելով քաղաքական կամ վարչական ճնշումներու դէմ: Անոնց հաւատքը, համբերութիւնը եւ անշահախնդիր ծառայութիւնը այսօր եւս մեր ազգի անմահ ոգիին կենդանի վկայութիւն են:
Աղօթքով կը խնդրենք, որ Տէրը զօրացնէ Հայց. Առաքելական մեր Սուրբ Եկեղեցին, առողջ եւ երկար օրեր պարգեւէ Ամենայն Հայոց Հայրապետին, լուսաւորէ մեր իշխանութիւնները արդարութեան եւ ճշմարտութեան ճանապարհին, եւ պահէ մեր ժողովուրդը հաւատքի, խաղաղութեան ու համերաշխութեան մէջ»,- ասվում է հայտարարությունում։
23:19
23:02
22:33
19:02
18:46
18:26
18:03
17:46
17:33
17:27
17:15
16:55
16:44
16:21
16:03
15:56
15:22
14:44
14:23
14:03
| երկ | երք | չրք | հնգ | ուրբ | շբթ | կրկ | |
| 1 | 2 | ||||||
| 3 | 4 | 5 | 6 | 7 | 8 | 9 | |
| 10 | 11 | 12 | 13 | 14 | 15 | 16 | |
| 17 | 18 | 19 | 20 | 21 | 22 | 23 | |
| 24 | 25 | 26 | 27 | 28 | 29 | 30 | |
09:55
09:45
09:32
09:15
09:01
09:56
09:46
09:33
09:24
09:17
09:01
09:46
09:35
09:22
09:12
09:00
09:56
09:43
09:32
09:15
09:01
10:01
09:46
09:36
09:26
09:13
09:01
09:45
09:33
09:17
09:01
09:19
09:01
09:36
09:28
09:55
09:32
09:15
09:02
09:46
09:32
09:16
09:01
09:01
09:45
09:34
09:18
09:02
09:56
09:42