Ֆրանսայի Ազգային ժողովը միաձայն կողմ քուէարկած է Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող նախագիծին, որ Խորհրդարանի քննարկման ներկայացուցած էր Ֆրանսայի կառավարութիւնը: Այս մասին «Արմենփրես»-ի հետ զրոյցի ընթացքին յայտնած է Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի նախագահ Մուրադ Փափազեանը:
«Ֆրանսայի Ազգային ժողովի պատգամաւորները միաձայն կողմ քուէարկած են կառավարութեան ներկայացուցած նախագիծին, որով կ՛առաջարկուի քրէականացնել Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը: Նախագիծը Սեպտեմբերին պիտի քննարկուի Ծերակոյտին մէջ, ուր հաստատուելու պարագային կրկին պիտի վերադառնայ Ազգային ժողով վերահստատուելու համար»,- ըսած է Փափազեան` աւելցնելով, որ ներկայ բոլոր 21 պատգամաւորները կողմ քուէարկած են նախագիծին:
Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծին վրայ աշխատած են Ֆրանսայի կառավարութեան եւ ֆրանսահայ կազմակերպութիւններու իրաւաբանները: Բնագիրը մշակուած է Ֆրանսայի Սահմանադրութեան համապատասխան եւ հայ համայնքի համար ընդունելի տարբերակով:
«Ցեղասպանութիւններու եւ մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններու ժխտումը քրէականացնող օրէնքի նախագիծ»-ին բնագիրը Ֆրանսայի կառավարութիւնը հրապարկած է Յունիս 29-ին: Փոփոխութեամբ կը նախատեսուի մէկ տարի ազատազրկում կամ 45.000 եւրոյի չափով տուգանք սահմանել Հայոց ցեղասպանութեան փաստը ժխտելուն համար:
Ան աւելցուցած է, որ այժմ հայկական համայնքը պէտք է լուրջ աշխատանք տանի, որպէսզի նախագիծը հաստատուի նաեւ Ծերակոյտին կողմէ` նկատելով, որ այդ ընթացքին Թուրքիան ալ իր լծակներով պիտի փորձէ ամէն ինչ ընել` Ծերակոյտին կողմէ նախագիծին հաստատումը կանխելու համար:
«Թուրքիան, ի հարկէ, չէր սպասեր, որ Ազգային ժողովը այսքան արագ նման որոշում կայացնէ: Անոնք կը փորձէին ճնշում գործադրել կառավարութեան վրայ եւ նախագահ Օլանտէն կը պահանջէին ետ կանչել օրինագիծը, սակայն ատիկա չեղաւ: Հիմա մենք պէտք է լուրջ ջանքեր գործադրենք, եւ ես համոզուած եմ, որ յաղթանակ պիտի տանինք»,- ըսած է Փափազեան:
«Այս տարուայ Յունուար 25-ին Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Օլանտ կառավարութեան ներկայացուցիչներուն յանձնարարեց առաջարկել Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացող օրէնքի բնագիր մը, որ կը համապատասխանէ նաեւ Սահմանադրութեան: Հայկական կազմակերպութիւններու մասնագէտները աշխատեցան ֆրանսացի իրաւաբաններու հետ` մեզի համար ընդունելի եւ Սահմանադրութեան համապատասխանող օրէնքի բնահիր մը մշակելու համար: Նախագիծը հաւասար է հակառասիստական եւ հակասեմիտական օրէնքներու բնագիրներուն»,- ըսած է Փափազեան: Անոր խօսքով` օրինագիծի բնագիրին մէջ իբրեւ ցեղասպանութեան օրինակ կը նշուի Հայոց եւ Ռուանտայի ցեղասպանութիւնները։
Աղբյուրը` Ռադիո Վատիկան
15:28
15:15
15:02
14:49
14:32
14:13
10:35
10:15
09:49
09:04
21:11
20:33
20:04
19:44
19:16
19:04
14:37
14:36
14:11
14:07
12:21 25.08.26
14:49 26.08.26
20:33 25.08.26
19:16 25.08.26
12:03 25.08.26
20:04 25.08.26
15:28 26.08.26
15:02 26.08.26
| երկ | երք | չրք | հնգ | ուրբ | շբթ | կրկ | |
| 1 | 2 | ||||||
| 3 | 4 | 5 | 6 | 7 | 8 | 9 | |
| 10 | 11 | 12 | 13 | 14 | 15 | 16 | |
| 17 | 18 | 19 | 20 | 21 | 22 | 23 | |
| 24 | 25 | 26 | 27 | 28 | 29 | 30 | |
| 31 | |||||||
10:00
09:36
09:19
09:02
09:44
09:18
09:02
09:39
09:18
09:02
09:55
09:42
09:18
09:02
09:34
09:18
09:02
09:38
09:19
09:02
09:52
09:36
09:19
09:02
09:36
09:15
09:02
09:36
09:19
09:13
09:01
09:47
09:35
09:17
09:02
09:33
09:16
09:02
09:48
09:34
09:16
09:02
09:49
09:36
09:15
09:55
09:42
09:33
09:19
09:02